image

Ճէյմս Ուորլիք խօսած է Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման յոյսերուն մասին

Ճէյմս Ուորլիք խօսած է Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման յոյսերուն մասին

Ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նոր հնարաւորութիւններ կը բացուին: «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկեան նախկին համանախագահ, ներկայիս ռուսաստանեան իրաւաբանական ընկերութեան աշխատակից դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը.

«Կարծես թէ, նախագահ Ալիեւը կ'ընդունի, որ նոր հնարաւորութիւններ բացուած են: Հաւատացած եմ, այս պայմաններուն մէջ համանախագահները կ'աշխատին երկու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ պաշտօնական գագաթաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ»:

Պաշտոօնաթող դեսպան Ուորլիքը, որ այժմ Ուաշինկթընի մէջ կը ներկայացնէ Վլատիմիր Փութինի ընկերոջ՝ Նիքոլայ Եկորովի կողմէ հիմնադրուած ռուսական խոշորագոյն իրաւաբանական ընկերութիւնը, ընդգծած է, որ չի կիսեր այն կարծիքը, թէ Մոսկուան հետաքրքրուած չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ.

«Երեք տարի համանախագահ աշխատելով՝ ես ատոր որեւէ ապացոյց չեմ տեսած: Ընդհակառակը, աշխատած եմ Ռուսաստանի կառավարութեան հետ, տեսած եմ անոնց հետաքրքրութիւնը կարգաւորման գործին մէջ: Եւ ըսեմ, որ այդ տրամաբանական է. Ռուսաստանը ունի բազմաթիւ այլ խնդիրներ աշխարհի մէջ եւ չէր ցանկար, որ իր սահմաններուն, իր աւանդական բարեկամներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը սրուէր»:

Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի խօսքով՝ ժամանակի ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ոչ թէ կը սառի, այլ կը դառնայ աւելի վտանգաւոր:
Ուստի, անհրաժեշտ է այն կարգաւորել եւ, իր իսկ խօսքերով, օր առաջ ազատիլ երկիրներու ապագան մշուշի մէջ թողող ամպերէն.

 
«Իսկ ձե՞ր կարծիքով, հայերու եւս մէկ սերունդ կը ցանկայ ապրիլ այս ամպի տակ: Անշուշտ՝ ոչ: Նոյնը կը վերաբերի ատրպէյճանցիներուն՝ արդեօք կը կարծէ՞ք Ատրպէյճանի ժողովուրդը կը ցանկայ այս խնդիրը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անշուշտ՝ ոչ»:


Ամբողջութեամբ՝ սկզբնաղբիւր կայքէն: