image
Հրատապ լուրեր:

Ճալալ Յարութիւնեանն ազատուած է Արցախի ՊՆ-ՊԲ հրամանատարի պաշտօնէն, ան վիրաւորուած է. Ա. Յարութիւնեան

Ճալալ Յարութիւնեանն ազատուած է Արցախի ՊՆ-ՊԲ հրամանատարի պաշտօնէն, ան վիրաւորուած է. Ա. Յարութիւնեան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու` զօրավար-լեյտենանտ Ճալալ Անատոլիի Յարութիւնեանը ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար - պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Մէկ այլ հրամանագրով՝ զօրավար-մայոր Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ անոր շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում:

«Ճալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահի հրամայական է՝ պայմանաւորուած օրերս մարտական դիրքուն վրայ անոր ստացած վիրաւորումով եւ տարամեկնաբանութիւններու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ:

Ապաքինում կը մաղթեմ Ճալալ Անատոլիին եւ համոզուած եմ, որ ան շատ շուտով կը վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան:
 

Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնին կը գիտակցի պատասխանատւութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի այդ վստահութիւնը արդարացնէ», - նշած է Արցախի նախագահը։