image

Տաւուշի մէջ հայ զինուոր մը վիրաւորուած

Տաւուշի մէջ հայ զինուոր մը  վիրաւորուած

27 Յուլիսին, ժամը 11.00-ի սահմաններուն, ՀՀ պետական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ` Տաւուշի մարզի մէջ, արձանագրուած է հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման հերթական դէպքը, ինչի արդիւնքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող: 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, վիրաւոր զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: 

«Ատրպէյճանական կողմի ձեռնարկած հերթական սադրիչ գործողութիւնը եւս մէկ անգամ փաստում է, որ հակառակորդը շարունակում է բացայայտ կերպով խախտել հրադադարի պահպանման ռեժիմը եւ նպատակաուղղուած շարունակում է սրել իրավիճակը սահմանագօտում: Իրավիճակի լարման ամբողջ պատասխանատւութիւնը կրում է ատրպէյճանական կողմը»,– ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: