image

Տահէշի պարագլուխները Ռաքքայէն եւ Մոսուլէն կը փախին դէպի Տէր Զօր

Տահէշի պարագլուխները Ռաքքայէն եւ Մոսուլէն կը փախին դէպի Տէր Զօր

Մոսուլի եւ Ռաքքայի մէջ  «Իսլամական պետութիւնն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ իրկանացուած գործողութիւներու լոյսին տակ, կազմակերպութեան պարագլուխներ փախուստի դիմած են եւ ըստ ABC News-ի աղբիւրներուն, անոնք ապաստանած են Սուրիոյ Տէր Զօրի Ալ-Մայատին քաղաքին մէջ:

Նշենք, որ սուրիական Ալ-Մայատին Քաղաքը կը գտնուի Եփրատի ափին՝ Իրաքի հետ սահմանին:


Յիշեցնենք, որ Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւնները կ'իրականացնեն Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը, ընդդիմադիր եւ քիւրտական խմբաւորումները՝ միջազգային դաշինքի աջակցութեամբ:

Իսկ իրաքի ազատագրական պայքարը Մոսուլի մէջ յաջողած էր ազատագրել քաղաքի արեւելեան հատուածը, պայքարը շարունակելով արեւմտեան թաղամասերուն համար: