image
Հրատապ լուրեր:

«Տահէշ» մտադիր էր պայթեցնել Եգիպտոսի «Մար Ժըրժեոս» եկեղեցին. Ծրագիրը տապալած է

«Տահէշ»   մտադիր էր պայթեցնել Եգիպտոսի «Մար Ժըրժեոս» եկեղեցին. Ծրագիրը տապալած է

Եգիպտոսի անվտանգութեան ծառայութիւններու  կատարած  հետաքննութեանց   արդիւնքով    յստակ դարձած է,  որ «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, համագործակցելով իրեն պատկանող Եգիպտոսի մէջ գտնուող խմբաւորումներու հետ՝ մտադիր էր ինքնասպանական ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարել, «Ժապալ ալ Ռազիքադ» շրջանի մէջ գտնուող  «Մար  Ժըրժիոս» եկեղեցին: Ոստիկանութիւնը  նաեւ յայտնած է, թէ   երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ  կատարուող հետաքննական գործողութիւններու հետեւանքով  ոստիկանութիւնը ձերբակալած ու  հարցաքննած է «Տահէշ»ի հետ կապ ունեցող բջիջներ, որոնք   հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած են,  ահաբեկչական մեծ արարք մը կազմակերպելու  մասին:

Յիշեցնենք, որ  ընթացիկ  տարուան  ընթացքին «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը  Եգիպտոսի տարբեր քաղաքներուն մէջ կատարած է  մէկ տասնեակ ահաբեկչական  յարձակումներ, որոնց հետեւանքով զոհուած են հարիւրէ աւելի անզէն քաղաքացիներ եւ որոնց մեծ տոկոսը կը պատկանի երկրի  ղըպտի համայնքին: