image

Տահէշ լայնածաւալ յարձակում սկսած է Տէր Զօրի մէջ. 6 պայթումներ ցնցած են քաղաքը

Տահէշ լայնածաւալ յարձակում սկսած է Տէր Զօրի մէջ. 6 պայթումներ ցնցած են քաղաքը

«Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը այսօր  Տէր Զօրի մէջ ամիսներէ ի վեր՝ ամենաընդարձակ յարձակումը գործած է, որ տասնեակ զոհեր պատճառած է: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Մարդակային իրաւանց դիտարան»ը, նշելով, որ նուզագոյն 6 պայթում ցնցած է քաղաքը:  

«Ալ-Ժատիտի»ի համաձայն, պայթումներուն զուգորդած է՝ զինեալներու եւ կառավարական ուժերուն միջեւ բախումներ. Սուրիոյ ռազմական օդուժը հարուածած է կազմակերպութեան դիրքերը:

Նշենք, որ «Իսլամական պետութեան» հակակշռին  տակ կը գտնուի Տէր Զօրի Իրաքի հետ սահմանային տարածքի մեծ մասը, ինչպէս նաեւ քաղաքի կէսը: