Պելճիքա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով որդեգրած է Պրիւքսէլի մէջ եղած յարձակումները, եւ որպէս պատասխան իր դէմ եղած թշնամութեան, սպառնալով՝ «սեւ օրեր» խոստացած է Եւրոպային: Այս մասին կը հաղորդէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ երէկ, Պրիւքսէլի միջազգային օդակայանին եւ գետնուղիի կայանին մէջ եղած ահաբեկչական յարձակումները իրենց ետին թողած են 34 մեռեալ եւ շուրջ 200 վիրաւոր: Այս ուղղութեամբ, Պելճիքայի իշխանութիւնները ցուցադրած են տեսաերիզ մը, ուր Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ կ'երեւան գործողութիւնը իրականացնող ենթադրեալ երեք անձերը, որոնք ճամպրուկներու կառքը քշելով կ'առաջանան օդակայանի սպասման սրահէն ներս:
Այս կապակցութեամբ, Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու ղեկավարներ եւ եւրոպական հաստատութիւններու նախագահներ երեքշաբթի օր միացեալ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով, յայտարարած են, որ Պրիւքսէլի յարձակումները «յարձակում են Եւրոպայի ժողովրդավարական բաց ընկերութեան վրայ», եւ ցաւակցութիւն յայտնելով պայթումներու զոհ գացածներու ընտանիքներուն, իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերած են Պելճիքային. «Միասնական եւ վճռակամ պիտի ըլլանք ատելութեան, ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: