image

Տահէշ խանութպաններուն կը ստիպէ իր արժոյթով առեւտուր ընել

Տահէշ խանութպաններուն կը ստիպէ իր արժոյթով առեւտուր ընել

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը խանութպաններուն եւ առեւտրականներուն կը պարտադրէ երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ, ապրանքներուն գիները իրենց արժոյթով` տրհամով սահմանել, մէկ տրհամի արժէքը սահմանելով 1000 սուրիական ($1.80): Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հակառակ մեծ տարածքներ կորսնցնելուն, կը նախատեսէ սեփական դրամավարկային քաղաքականութիւն հաստատել:

Աղբիւրը կը նշէ, որ նոր օրէնքը ձայնային հաղորդագրութեան միջոցաւ տարածուած է «Տահէշ»ի նամակագրական հարթակներուն վրայ, ուր կ'ըսուի, թէ 25 յուլիսէն ետք վերջնականապէս կ'արգիլուի սուրիական 50 եւ 1000 դրամներու շրջանառութիւնը՝  Տահէշի տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ: