image

«Տահէշ» Իր Տիրապետութեան Տակ Առած Է Դամասկոսի Եարմուք Գաղթակայանը

«Տահէշ» Իր Տիրապետութեան Տակ Առած Է Դամասկոսի Եարմուք Գաղթակայանը

Դամասկոս- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իսլամական Պետութեան կազմակերպութիւն՝ «Տահէշ»ը իր գերակշռութեան տակ առած է Դամասկոսի արեւելքը գտնուող պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանի մեծ մասը, հոնկէ դուրս մղելէ ետք «Ալ-Նուսրա»ի զինեալները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Սուրիոյ մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան քաղաքական հարցերու բաժնի տնօրէն Անուար Ապտուլ Հատին յայտնած է, թէ  «Տահէշ» շարք մը յարձակումներ  մեկնարկելէ ետք «Նուսրա»ի դիրքերուն վրայ, կրցած էր իր վերահսկողութեան տակ առնել գաղթակայանի շուրջ  60 տոկոսը: Ապտուլ Հատի նաեւ ըսած է, որ Իսլամական Պետութիւնը շրջափակման ենթարկած էր Եարմուքի մէջ «Նուսրա»ի կարգ մը դիրքերը եւ պահանջած էր անկէ քաշուիլ  շրջանէն, նշելով, որ « «Նուսրա»ի կարգ մը անդամներ հեռանալու փոխարէն՝ անցած էին «Տահէշ»ի շարքերը»: