image

Սուրիոյ բանակը վերստին ազատագրեց Սարաղէպը

Սուրիոյ բանակը  վերստին ազատագրեց  Սարաղէպը

 Սուրիոյ   կանոնական բանակը    այս առաւօտ      ամբողջութեամբ  ազատագրեց     Իտլիպի   մերձ  գտնուող  Սարաղէպ  քաղաքը։

 

 Այս  մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Արապիա»   կայանը   նշելով, որ   Սուրիոյ  բանակին օդային  պաշտպանութիւն տրամադրած է  ռուսական    օդուժը, որուն շնորհիւ ալ   բանակը  յաջողութեամբ     իր տիրապետութիւնը տարածած էւ Սարաղէպին  վրայ։

 

   Յիշեցնենք,  որ   Սարաղէպը  մէկէ  աւելի առումներով  կը համարուի  ռազմավարական նշանակութիւն  ունեցող     շրջան եւ     այդ շրջանին տիրապետողը  կրնայ  հանգիստ կերպով իր   տիրապետութեան  տակ  պահել      Հալէպը  Դամասկոսին  եւ  Լաթաքիոյ    կապող  գլխաւոր  մայրուղիները, որոնք  յայտնի են    եւ   անուններով։