Սուրիոյ կանոնական բանակը այս առաւօտ ամբողջութեամբ ազատագրեց Իտլիպի մերձ գտնուող Սարաղէպ քաղաքը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Արապիա» կայանը նշելով, որ Սուրիոյ բանակին օդային պաշտպանութիւն տրամադրած է ռուսական օդուժը, որուն շնորհիւ ալ բանակը յաջողութեամբ իր տիրապետութիւնը տարածած էւ Սարաղէպին վրայ։
Յիշեցնենք, որ Սարաղէպը մէկէ աւելի առումներով կը համարուի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջան եւ այդ շրջանին տիրապետողը կրնայ հանգիստ կերպով իր տիրապետութեան տակ պահել Հալէպը Դամասկոսին եւ Լաթաքիոյ կապող գլխաւոր մայրուղիները, որոնք յայտնի են եւ անուններով։