image

Սուրիոյ բանակը պիտի արշաւէ դէպի .... Իտլիպ

Սուրիոյ բանակը պիտի արշաւէ դէպի .... Իտլիպ

Վերջին օրերուն Դամասկոսի արեւմտեան արուարձանին մէջ Սուրիոյ բանակին կողմէ «Ան Նուսրա»ի դէմ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները չեն խանգարեր Իտլիպի եւ Համայի արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն, որոնց արդիւնքով Սուրիոյ բանակը կ'ընդլայնէ իր իշխանութեան տակ վերցուած հողերը ի վնաս զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք կը ղեկավարուին «Ալ Նուսրա»ի կողմէ:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով Սուրիոյ ռազմական աղբիւրը, յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ գրոհել Իտլիպի հարաւ-արեւմտեան արուարձանի ուղղութեամբ, եւ զգալի յառաջխաղացում գրանցած է, շարք մը գիւղեր ազատագրելով «Ալ Նուսրա»ի տիրապետութենէն:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, կառավարական բանակի ու «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն միջեւ տեղի ունեցած թէժ մարտերուն նպատակն է յառաջանալ դէպի Իտլիպի արուարձանին մէջ գտնուող Ապու Ալ Զուհուր ռազմական օդակայան: