image

Սուրիոյ բանակը պատրաստ է Արեւելեան Ղութա-ն ազատագրելու

Սուրիոյ բանակը պատրաստ է Արեւելեան Ղութա-ն  ազատագրելու

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Ղութայի ազատագրումը պիտի ընթանայ Հալէպի օրինակով, եւ պատերազմը պիտի ղեկավարուի ռուս բարձրաստիճան սպաներու կողմէ:

«Ալ Տիար» կայքին փոխանցմամբ, Սուրիոյ բանակն առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիայէն շատ արդիական զինամթերք պիտի ստանայ, եւ ըստ երեւոյթին, Ասատ նպատակ ունի վերջնականապէս լուծել Դամասկոսի ու Ղութայի ազատագրման հարցը:

Ներկայիս Ղութայի մէջ Սուրիոյ կառավարութիւնը յուզող միակ խնդիրը, ըստ կայքին, 400 հազար բնակիչի հարցն է, որոնք մարտերու ժամանակ եթէ մնան իրենց շրջաններուն մէջ, կրնան զոհ դառնալ պատերազմական գործողութիւններուն: