Թատմոր- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Սուրիոյ վարչակարգի ուժերու դէպի Թատմոր դանդաղ յառաջացման եւ զայն իր վերահսկողութեան տակ առնելու ձգտումի հետեւանքով պատմական Թատմորի (Փալմիրա) շուրջ պատերազմի լարուածութիւնը կը թէժանայ: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ սուրիական բանակը երկու շաբաթներէ ի վեր արդէն Հոմսի նահանգին մէջ սկսած էր Թատմորը իր հսկողութեան տակ առնելու գործողութիւնները՝ ռուսական օդանաւներու եւ ուղղաթիռներու ծանր օդային ծածկոյթի օժանդակութեամբ, յառաջխաղացք արձանագրելով եւ դիրքաւորուելով Թատմորի արեւմտեան կողմէն չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Սուրիոյ՝ Մարդու իրաւունքներու դիտորդի համաձայն, այս գործողութիւնները վճռորոշ են եւ մեծ նշանակութիւն ունին այն առումով, որ ճանապարհ պիտի բանայ ռէժիմի առաջ իսլամական պետութեան ձեռքէն վերագրաւելու անապատի շրջանը, հասնելով մինչեւ դէպի արեւելք սուրիական-իրաքեան սահման: Սակայն, ինչպէս կը նշէ դիտորդը, այս գործողութիւնները երկար ժամանակի կը կարօտին, նկատի ունենալով, որ շրջանը բաց տարածք մըն է, ինչը կը դիւրացնէ Իսլամական պետութեան կողմէ դարանակալել ռէժիմի ուժերը:
Կը նշուի նաեւ, որ երէկ՝ երկուշաբթի, Իսլամական պետութիւնը հակադարձելով դէպի քաղաք յառաջացող ռէժիմի ուժերու յարձակումներուն, անոր շարքէն սպաննած է շուրջ 26 տարր: