Սուրիոյ բանակը իր տիրապետութեան տակ առած է Հոմսի «Ալ Սախնէ» գաւառակը: Այս մասին կը յայտնէ «Սանա» լրատուական գորղակալութիւնը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակը յաջողած է այդ շրջանէն «Տահէշ»ը հեռացնել երկարատեգ եւ թէժ մարտերէ ետք:
Ըստ գործակալութեան՝ բանակը սպաննած է հարիւրաւոր ահաբեկիչներ ու ոչնչացուցած է անոնց պատկանող զինամթերքն ու ռազմական փոխադրամիջոցները:
Նշենք որ «Ալ Սախնէ» քաղաքը կը համարուի «Հոմս» նահանգին մէջ եղող «Տահէշ» կարեւորագոյն եւ վերջին դիրքը:
Ներկայիս բանակը, համագործակցելով ականազերծման յատուկ ջոկատայիններու հետ կ'ականազերծէ եւ կ'ապահովէ ամբողջ շրջանը:
Յիշեցնենք որ «Ալ Սախնէ» քաղաքը նաեւ համարուած էր «Ռաքքա» եւ «Տէր ալ Զօր» քաղաքներուն մէջ գտնուող «Տահէշ» կազմակերպութեան զինեալներուն ռազմական եւ տնտեսական օժանդակութեան թիւ մէկ «միջնորդ» օղակը: