image

Սուրիոյ բանակը հարուածած է Հալէպի «Շէյխ աքիլ» շրջանին մէջ գտնուող թրքական յենակէտ մը

Սուրիոյ բանակը    հարուածած է   Հալէպի «Շէյխ աքիլ»  շրջանին  մէջ գտնուող թրքական  յենակէտ մը

 Սուրիոյ  բանակը   այս  առաւօտ հարուածած է Հալէպ նահանգի  վերջին  հատուածի  արեւմտեան     շրջանին մէջ  գտնուող     «Շէյխ  աքիլ»  շրջանը։

 Այս  մասին  տեղեկութիւնը   տրուած է  Հալէպի       մասին  լուրեր   ներկայացնող    դիմատետրի  էջեր։

 Աղբիւրները կը  նշեն,  որ   Սուրիոյ բանակը  թիրախ     դարձուցած է  «Շէյխ  Աքիլ» շրջանին մէջ    գտնուող  թրքական    յենակէտ մը եւ ըստ   նախնական  տուեալներով    հարուածներուն հետեւանքով  վիրաւորուած են  թուրք  զինուորներ։

 

 Կը  նշուի նաեւ, որ  այդ   շրջանին  մէջ եւ մասնաւորապէս վերջին օրերուն  թրքական  կուտակումներ եղած էին։

 

 Բանակը  նաեւ  անցած է յարձակումի   «Շէյխ  պարաքաթ»   անունով յայտնի  շրջանին ուղղութեամբ, որ կը համարուի      այդ   շրջանի   ռազմավարական կարեւորագոյն    կէտերէն  մին։

 

 

 

 

 Յիշեցնենք, որ երէկ   սուրիոյ բանակը    փայլուն յաղթանակներ  գրանցած  եւ ազատագրած էր    Հալէպի   արեւմտեան  հատուածները, որոնք  2012  թուականէն  սկսեալ  կը գտնուէին   «Ալ  նուսրա»  ճակատի  ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ։