image

Սուրիոյ բանակին անակնկալը Հալէպի համար

Սուրիոյ բանակին անակնկալը Հալէպի համար

Սուրիա անակնկալ մատուցեց աշխարհին այն բանէն ետք, երբ միջազգային դիտորդներ երկրին մէջ նկատեցին սուրիական «Էլպրուս» տիպի «Սքուտ» անունով ծանօթ հրթիռներ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, Սուրիա Խորհրդային Միութեան օրերէն «Սքուտ» տիպի հրթիռներ ունի, որոնց   խարիսխներուն  թիւը ներկայիս 30-ի կը հասնի:

Նշենք, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին օրերուն լայնօրէն կը կիրառէր «Սքուտ» հրթիռները, սակայն աւելի ուշ դադրած է:

Տեղեկութիւններուն համաձայն, թէեւ «Սքուտ»ը Սուրիոյ բանակի արդիական ռազմամթերքին մաս չի կազմեր, սակայն անոր կիրառումը զգալի ու անվերականգնելի վնասներ կրնայ պատճառել հակառակորդին:

Նշուած է նաեւ, որ «Սքուտ»ի թիրախաւորման կարողութիւնը 50-300քմ կը հասնի: