Սուրիա անակնկալ մատուցեց աշխարհին այն բանէն ետք, երբ միջազգային դիտորդներ երկրին մէջ նկատեցին սուրիական «Էլպրուս» տիպի «Սքուտ» անունով ծանօթ հրթիռներ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, Սուրիա Խորհրդային Միութեան օրերէն «Սքուտ» տիպի հրթիռներ ունի, որոնց խարիսխներուն թիւը ներկայիս 30-ի կը հասնի:
Նշենք, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին օրերուն լայնօրէն կը կիրառէր «Սքուտ» հրթիռները, սակայն աւելի ուշ դադրած է:
Տեղեկութիւններուն համաձայն, թէեւ «Սքուտ»ը Սուրիոյ բանակի արդիական ռազմամթերքին մաս չի կազմեր, սակայն անոր կիրառումը զգալի ու անվերականգնելի վնասներ կրնայ պատճառել հակառակորդին:
Նշուած է նաեւ, որ «Սքուտ»ի թիրախաւորման կարողութիւնը 50-300քմ կը հասնի: