Սուրիական ուժեր քսան քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհ մը բացած են Իրանէն դէպի Սուրիա զինամթերք փոխադրելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնէ ռուսական «Sputnik» գործակալութիւնը, նշելով որ այսպիսով դիւրացած է Սուրիա անհրաժեշտ օժանդակութիւններ հասցնելու խնդիրը:
Նոյն տեղեկութիւնը փոխանձած է նաեւ նախկին զօրավար Եահիա Սուլայմանը, «Ազվեսթիա» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: