Հալէպի «Շապաքէթ Ախպար Ալ Ազիզիէ»ի դիմատետրի էջը այսօր գրած է, որ սուրիական բանակը վերհասկողութեան տակ առած է Սուրիոյ հարաւային մասը եւ յատկապէս Յորդանանի հետ սահմանային ամբողջ հատուածը:
Ըստ աղբիւրին բանակը յաջողութեամբ՝ մտած է Սուէյտա քաղաք եւ հոնկէ վտարած ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումները:
Նշենք որ Սուէյտա քաղաքը կը համարուի Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ գտնուող կարեւորագոյն քաղաքներէն մին:
Բանակի ռազմական բանբեր մը յատարարած է, թէ սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Սուրիոյ եւ Յորդանանի սահմանին վրայ գտնուող ամբողջ շրջանները: