image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայութեան Նուիրուած Թելեթոնի Մեկնարկային Հաւաքոյթին Հանգանակուած է 95,000 Տոլար

Սուրիահայութեան Նուիրուած Թելեթոնի Մեկնարկային Հաւաքոյթին Հանգանակուած է 95,000 Տոլար

Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնի (ՍԱՐՖ) կազմակերպութեամբ, ՍԱՐՖի թելեթոնին մեկնարկը տեղի ունեցած էր 11 Փետրուար 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են գաղութի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով բարերարներ եւ հայրենակիցներ: Երեկոյի հանդիսավար, ՍԱՐՖի փոխատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեանը հակիրճ ձեւով ներկայացուցած է Փետրուար 21ին կայանալիք ՍԱՐՖի թելեթոնին խորհուրդը եւ շեշտած սուրիահայերուն նիւթաբարոյական աջակցութեան կարեւորութեան մասին: ՍԱՐՖի անդամ եւ թելեթոնի յանձնախումբի պատասխանատու Վազգէն Մատենլեան իր կարգին ներկայացուցած է գործնական աշխատանքներն ու այցելութիւնները:

 


Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերը եղած է Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ հարազատօրէն ներկայացուցած է սուրիահայութեան ամէնօրեայ տագնապին ու գոյատեւման պայքարը, յատկապէս՝ Հալէպի մէջ գտնուող հայերուն ահն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի անապահով վիճակն ու ցաւը, «Եկէք զօրակցի՛նք Մայր գաղութ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու ցաւն ու տագնապը մեղմացնելու այս նուիրական աշխատանքին» ըսած է ան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով ու «Պահպանիչ»ով յաջողութիւն մաղթած է սրբազան այս գործի բոլոր աշխատակիցներուն եւ մասնակից կազմակերպութիւններուն։ Երեկոյի հիւր երաժիշտը եղած է սիրուած արուեստագէտ Յարութ Փամպուքճեան:
Բարերար  հայրենակիցներու օժանդակութեամբ հաւաքուած գումարը այդ երեկոյ կազմած է 95,000 ԱՄՆ տոլար:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ