image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ յայտնի գործարար Լեւոն Զեքին դէմ արտայայտուեցաւ

Սուրիահայ յայտնի գործարար Լեւոն Զեքին դէմ արտայայտուեցաւ

Սուրիահայ անուանի գործարար Լեւոն Զեքի Ետալեան դէմ արտայայտուեցաւ սուրիական դրամանիշի բարելաւման մասին հրապարակ հանուած առաջարկներուն:

Հալէպահայ յայտնի գործածրար Լեւոն Զեքի Ետալեան երէկ հարցազրոյց մը տուած է Սուրիոյ «Ալ-Ուաթան» օրաթերթին: Հայ գործարարը նշած է, որ վերջին շրջանին տարբեր ամպիոններէ լսելի կը դառնայ այն կարծիքը, որ Սուրիոյ դրամանիշը բարելաւելու նպատակով դրամանիշին վրայ առկայ զերօներէն մէկը պիտի ջնջուի, այդպիսով օրինակի համար՝ 1000 դրամը դարձնելով 100 դրամ:

Հայ գործարարը նշած է, որ նման կարգադրութիւն մը երբեք պիտի չօգնէ, որ սուրիական թղթոսկին վերագտնէ իր արժէքը, այլ ընդհակառակը, աւելիով վնաս պիտի բերէ Սուրիոյ պետական արժոյթին:

Անոր կարծիքով, սուրիական թղթոսկիին բարելաւման միտուած աշխատանքները պէտք է ըլլան հանդարտ քայլերով եւ հիմնուած՝ մտածուած եւ ծրագրուած մօտեցումներու վրայ:

Ան նաեւ ըսած է, որ սուրիական թղթոսկիի արժեւորման գլխաւոր քայլը պէտք է հիմնուի Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան մօտ առկայ տոլարի պահուստներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր տնտեսական եւ ելեւմտական հիմունքներու եւ կարեւոր տուեալներու վրայ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ 7 տարի տեւած պատերազմին հետեւանքով սուրիական թղթոսկին մեծ անկում կատարեց: Լեւոն Զեքի Ետալեանը այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի Հալէպ քաղաքի ամենայայտնի հայ գործարարներէն մին, որ հակառակ պատերազմի աղէտաբեր երեւոյթներուն, կը շարունակէ հաւատալ սուրիական հայրենիքին եւ ցարդ ալ չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը: