Ստեփանաւանի «Չքնաղ» գետի ձուկերու զանգուածային անկման միջադէպը հաստատուած է: Այս մասին յայտնած է Sputnik Արմենիային ՍԱՏՄ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Անուշ Յարութիւնեանը։
«Մեր տեսուչը այս պահուն գետի յայտնաբերուած ձուկերէն նմուշներ կը վերցնէ։ Անոնք կը ներկայացուին փորձաքննութեան»,– ըսած է Անուշ Յարութիւնեանը, եւ աւելցուցած թէ փորձաքննութեան արդիւնքները յայտնի կ'ըլլան մինչեւ շաբթուայ վերջը:
Յիշեցնենք որ Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքի մէջէն հոսող «Չքնաղ» գետին մէջ, տեղացիները այսօր մեծ քանակութեամբ սատկած ձուկեր յայտնաբերած էին։ Անոնց համոզումով, պատճառը՝ Արմանիս գիւղի ոսկիի հանքէն արտահոսող կեղտաջրերն են, որոնք նախ կը լեցուին Ձորագետ, ապա Ձորագետի վտակ՝ Չքնաղ գետը։
Նախպէս ՍԱՏՄը Sputnik Արմենիային յայտնած էր, որ մամուլի հրապարակումը ընդունուած է, որպէս ահազանգ եւ ընթացք տրուած է։