Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ կից գործող հասարակական խորհուրդի 2017 թուականի անդրանիկ նիստը: Խորհուրդի անդամները քննարկեցին շարք մը հարցեր, ինչպիսիք են՝ համահայկական կազմակերպութիւններու հետ կնքած պայմանագիրներու կատարման ընթացքը, իրականացուած ու 2017 թուականին համար նախատեսուած ծրագիրները եւ այլն: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
«Խորհրդի նպատակը զարգացման ծրագրերն ու ուղղութիւնները քննարկելն է, որպէսզի հասարակութիւնը տեղեակ լինի եւ մասնակցութիւն ունենայ այս կամ այն ծրագրի կայացմանը: Նիստի ընթացքում քննարկուելու է 2017 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագրի հաստատման, ինչպէս նաեւ 2017 թուականը «Արցախի տարի» հանրահռչակելու վերաբերեալ հարցերը: Օրինակ՝ թէ մինչեւ այսօր ինչ է արուել Արցախի համար, ինչպէս ենք առաջ շարժուելու, ինչպէս ենք պատկերացնում յետագայ աշխատանքները»,- յայտնած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան ընդգծած է, որ ծրագիրներու իրականացման, որոշումներու կայացման հարցին մէջ հաշուի կ’առնուի հասարակութեան կարծիքը: