image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշէլ Ֆարաոնին

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշէլ Ֆարաոնին

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երեքշաբթի օր այցելած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի` գլխաւորելով պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:

Ըստ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին՝ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց զարգացման վրայ, յատկապէս` զբօսաշրջական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ, քաղաքական խիստ լաւ ու սերտ յարաբերութեանց կողքին:

Այս առիթով Յակոբեան նախարար Ֆարաոնը հրաւիրած է յառաջիկայ ամիս այցելելու Հայաստան` քննարկելու համար երկու պետութեանց միջեւ զբօսաշրջութեան մարզի յարաբերութեանց աշխուժացման կարելիութիւնները: Արծարծուած է նաեւ Հայաստանի ենթակառոյցի զարգացման գծով հմտութեան միջազգային վարկ վայելող` լիբանանցի գործարարներու ներդրումով լիբանանեան փորձառութենէն եւ հմտութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնները:

Իր կարգին, նախարար Ֆարաոն բարձր գնահատած է լիբանանահայերու դերը` իբրեւ սիրելի եւ կարեւոր մասնիկ մը լիբանանեան ազգային հիւսուածքին մէջ: Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարը խոստացած է ընդառաջել նախարար Յակոբեանի հրաւէրին` ընդգծելով, որ նման քայլ մը կը ծառայէ առաւել եւս սերտացնելու եւ ամրագրելու հայեւլիբանանեան յարաբերութիւնները` նշելով իր անձնական թէ ընտանեկան սերտ կապերը լիբանանահայ ընկերութեան հետ: