image

Շուրջ 60 միլիոն դրամ Կարէն Տէմիրճեանի արձանին համար

Շուրջ 60 միլիոն դրամ Կարէն Տէմիրճեանի արձանին համար

Այսօր կառավարութեան նիստին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը ներկայացուցած է ՀՀ 2020 թուականի պետական պիւտճէին մէջ վերաբաշխում ընելու նախագիծը, որով կ'առաջարկուի վերաբաշխում կատարել ԿԳՄՍ պիւտճէին մէջ եւ աւելի քան 9 միլիառ դրամ յատկացնել ընդհանուր ծախսերու։

«Մասնաւորապէս կը նախատեսուի, որ շինարարական աշխատանքներ իրականցուին 7 քոլեճի մէջ, 10 աւագ դպրոցներու արդիականացման գումարներ պիտի յատկացուին, տանիքի կամ սանհանգոյցի վերանորոգման աշխատանքներ պիտի ըլլան, 4 աւագ դպրոցի մասնակի ընթացիկ նորոգում պիտի կատարուի։ 30 հիմնական ու միջնակարգ դպրոցի շէնքային պայմաններու բարելաւում պիտի ըլլայ: Պիտի կառուցուի մէկ դպրոց, ինչպէս նաեւ մէկ դպրոց պիտի վեռակառուցուի»,-ըսած է ան եւ նշած, որ սեպտեմբերի մէկին ամբողութեամբ նոր 21 նախակրթարան պիտի ունենանք ՀՀ տարածքին մէջ:

Նախարարը յայտնած է նաեւ, որ աշխատանքներ պիտի տարուին նաեւ թանգարաններու ու թատրոններու մէջ։ «Ինչպէս նաեւ 60 մլն 14 հազար դրամ պիտի յատկացուի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեանն ու Երեւանի քաղաքապետարանին Կարէն Տէմիրճեանի արձանի ու պատուանդանի պատրաստում ու տեղադրումը իրականացնելու համար»,- ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան: