image
Հրատապ լուրեր:

Շուրջ 500 000 խաղաղ բնակիչ արգելափակման մէջ յայտնուած է Արեւմտեան Մուսուլի մէջ. ՄԱԿ

Շուրջ 500 000 խաղաղ բնակիչ արգելափակման մէջ յայտնուած է Արեւմտեան Մուսուլի մէջ. ՄԱԿ

Մուսուլի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, ուր «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան ահաբեկիչներու եւ կառավարական ուժերու միջեւ ռազմական գործողութիւններ տեղի կ'ունենան, շուրջ 500 000 բնակիչ արգելափակամն մէջ յայտնուած է եւ չի կրնար հեռանալ շրջանէն:  Այս մասին յայտնած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի գրասենեակէն:

«Մենք մտահոգուած ենք Արեւմտեան Մուսուլի մէջ արգելափակուած խաղաղ բնակիչներու ճակատագրով: Գնահատումներու համաձայն` 500 000 մարդ տակաւին կը գտնուին արեւմտեան թաղամասերուն մէջ»,-գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: