Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ իր ժողովուրդին շտապ կոչ ուղղած է, որ կը վերաբերի անձրեւի ուշացման ու կլիմայական չորութեան, կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Այս առթիւ Սուրիոյ իսլամական կալուածոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղած է բոլոր մզկիթներուն մէջ ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք տեղումներ խնդրելու աղօթք կատարել, յայտնելով, որ աղօթքը պիտի իրականացուի նախագահ Ասատի խնդրանքով: