Ըստ Shantnews-ի, որ յղում կատարած է՝ Le Figaro-ին, Ֆրանսական ծովուժի հզօր օդանաւակիր՝ «Շարլ տը Կոլ» նաւուն անձնակազմին կէսը վարակուած է «Քորոնա»ով։
Երկրի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլին նշած է, որ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է «Շարլ տը Կոլ» օդանաւակիրի 1081 նաւաստիի մօտ։ Անձնակազմի 2300 անդամէն հետազօտում անցած է 2100-ը։
COVID-19-ի ախտանշաններ ունին 545 նաւաստիներ, անոնք կը գտնուին բժիշկներու հսկողութեան տակ, անոնցմէ 24-ը հիւանդանոց տեղափոխուած են, 1-ը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք։
Առաջին վարակակիրի մօտ ախտանշաններն ի յայտ եկած էին 7 ապրիլին։
Ներկայիս նաւը կ'ախտահանուի, իսկ անձնակազմի անդամները ֆրանսական ռազմաբազաներում կը գտնուին քարանթինի մէջ։
Օդանաւակիրը վերջերս մասնակցած է Պալթիք ծովին մէջ հիւսիսեւրոպական նաւատորմերու հետ զօրավարժութիւններու եւ վերադարձած է Թուլօն նախատեսուածէն 2 շաբաթ շուտ՝ այն բանէն ետք, երբ անձնակազմի մօտ 50 անդամ հիւանդացած է «Քորոնա» ժահրով։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ