Սեւակ Արծրունի հրաժարական տուած է «Արեւմտահայոց ազգային համագումար»ի (ԱԱՀ) գլխաւոր քարտուղարի իր պաշտօնէն: Այս մասին Արծրունի գրառում մը կատարած է իր դիմատետրի էջին վրայ.
«Շաբաթ 17 հունիս 2017թ. տեղի ունեցավ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի հերթական Ընդհանուր Ժողովը։ Նկատի ունենալով ձեռնարկատիրական բազմազբաղուածութիւնս յարմար նկատեցի հրաժարիլ կազմակերպութեան Գլխաւոր Քարտուղարի պաշտօնէն։ Այն փոխանցուեցաւ արեւմտահայ հրապարակագիր եւ մտաւորական Հրայր Կարապետեանին։
Մօտ երեք տարիներու բեղուն աշխատանքի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԱԱՀ ամբողջ ղեկավարութեան եւ մասնաւորապես Նախագահ Սուրէն Սէրայտարեանին եւ յաջողություն կը մաղթեմ ԱԱՀ նորընտիր նախագահական խորհուրդին»։
Յիշեցնենք, որ պէյրութահայ Սեւակ Արծրունի վերջին տարիներուն հաստատաուած է Հայաստան: Հասարակական եւ վարչական տարբեր մակարդակի աշխատանքներ կատարած Արծրունի կարեւոր ներդրում ունի արեւմտահայերու ընդհանուր հարցերը լոյսին բերելու գործին մէջ:
Ան այս թեմաներով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի, Թուրքիա, Միջին Արեւելեան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ: