Իսրայէլի նախկին նախագահ Մոշէ Քացաւ (2000-2007) կրնայ ազատ արձակուիլ: Այս մասին գրած է «Ալ Քուտս» պարբերականը տեղեկութիւններ ստանալով իսրայէլեան աղբիւրներէ: Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ «սեռային յանցագործութիւններ» կատարած ըլլալու համար 7 տարիով բանտարկութեան վճիռ ստացած Քացաւ , արդէն 5 տարիէ ի վեր կը մնայ բանտի ճաղերու ետին: Կը նշուի նաեւ, Քացաւ կը մեղադրուի բռնաբարութիւն գործելու յանցանքով:
Յիշեցնենք, որ 71-ամեայ Քացաւ եղած է Իսրայէլի 8-րդ նախագահը: