image

«Սեռային յանցագործութիւններ» կատարած Իսրայէլի նախկին նախագահը ազատ պիտի արձակուի

«Սեռային յանցագործութիւններ»  կատարած Իսրայէլի նախկին  նախագահը   ազատ  պիտի արձակուի

Իսրայէլի նախկին նախագահ Մոշէ Քացաւ (2000-2007)  կրնայ ազատ  արձակուիլ: Այս մասին գրած է  «Ալ Քուտս»  պարբերականը   տեղեկութիւններ ստանալով  իսրայէլեան  աղբիւրներէ:  Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ  «սեռային  յանցագործութիւններ»  կատարած ըլլալու համար   7 տարիով  բանտարկութեան վճիռ ստացած  Քացաւ , արդէն 5 տարիէ  ի վեր կը  մնայ բանտի ճաղերու ետին:  Կը նշուի նաեւ, Քացաւ կը մեղադրուի բռնաբարութիւն  գործելու յանցանքով:

 

 Յիշեցնենք, որ  71-ամեայ  Քացաւ եղած է  Իսրայէլի   8-րդ նախագահը: