Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին կատարած գրառումով յայտարարած է Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկին մասին։
«Ժամանեցինք Վայոց ձորի մարզ. կը տրուի Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկը»,– գրած է Նիկոլ Փաշինեան՝ կից հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ։
ՀՀ վարչապետին հետ Վայոց Ձոր մեկնած են նաեւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան եւ արհեստական բանականութեան նախարար Դաւիթ Թադեւոսեան։