image

ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմինը պիտի մասնակցի ՏԻՄ ընտրութիւններուն

ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմինը պիտի մասնակցի ՏԻՄ ընտրութիւններուն

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ յառաջիկային կայանալիք  «Տեղական ինքնակառավարման  ընտրութիւններուն» (ՏԻՄ)  համար պիտի առաջադրէ իր թեկնածուները: Ինչպէս «Արեւելք»ին  յայտնեցին ՍԴՀԿ մամլոյ դիւանէն, ՍԴՀԿ-ը քաղաքներու աւագանիներուն մօտ արդէն առաջադրած է թեկնածուներ Էջմիածնի եւ Կապանի մէջ: Կուսակցութիւնը  թեկնածուներ առաջադրած է,  նաեւ համայնքային ընտրութիւններուն՝ ի մասնաւորի Արարատի մարզին մէջ: Մեր տեղեկութիւններով, ՍԴՀԿ-ի կողմէ առաջադրումներ պիտի ըլլան նաեւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ, որոնց մասին յստակ տուեալներ պիտի փոխանցուին յառաջիկային: