Իրաքի կախաղան բարձրացուած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դուստրը՝ Ռաղատ թուիթըրեան իր էջին ցաւակցական գրառումներ կատարած է, Եէմէնի նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի մահուան առթիւ:
«Ցաւակցութիւններս նահատակուած նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի ընտանիքին, անոր դստեր՝ քոյր Պալքիսին, եւ բոլոր ընտանիքի անդամներուն, որոնք Իրաքի գրաւումէն ետք բազմիցս կանգնած են նահատակ նախագահ Սատտամ Հուսէյնի ու անոր ընտանիքի, ինչպս նաեւ Իրաքի ու իրաքցիներու կողքին: Հակառակ բոլոր պատահածներուն եւ պատահելիքներուն, Աստուծոյ շնորհիւ յաղթանակ տանելու մեր յոյսը մեծ է: Շնորհաւո'ր նահատակութիւնդ, հերո'ս հօրեղբայրս»,- գրած է Ռաղատ:
Այլ գրառմամբ Ռաղատ Սատտամ Հուսէյն շեշտած է, որ իւրաքանչիւր անձի աշխատանքն իր աւարտով կ'արժեւորուի, միաժամանակ բարձր գնահատելով պատմութեան տարբեր հանգրուաններու Սալէհի եղբայրական կեցուածքը Իրաքի ու իրաքցիներու կողքին: