«Սանիթեք» ընկերութեան տնօրինութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ աղբահանութեան իրականացումը վերջնական վտանգի տակ է։
«Սիրելի՛ երեւանցիներ,
Կը տեղեկացնենք, որ շահագրգիռ մարմիններու կողմէ հետեւողականօրէն իրականացուող ռազմավարութեան եւ ընկերութեան ֆինանսական վիճակի վրայ շարունակական ճնշումներու հետեւանքով վերջնականապէս վտանգուած է «Սանիթեքի» կողմէ ծառայաթիւններու մատուցումը: Նիւթական ճնշումներու պատճառով ընկերութեան վճարուող գումարէն պահուած է աւելի քան 300 միլիոն ՀՀ դրամ:
Ընկերութիւնը կը յայցէ համաքաղաքացիներու ներողամտութիւնը ծառայութիւններու մատուցման յետագայ վատթարացման համար»,–նշուած է յայտարարութեան մէջ: