Սէուտական Արաբիոյ գահակալ Սալման Պին Ապտուլազիզ յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան Եմէնի անվտանգութիւնը իր անվտանգութեան անբաժանելի մէկ մասը կը համարէ՝ անուղղակիօրէն զգուշացնելով Իրանը Եմէնի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալէ, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
«Ինչ կը վերաբերի մեր եղբայր պետութեան՝ Եմէնին, մենք Սէուտական Արաբիոյ մէջ մեր դրացի Եմէնի անվտանգութիւնը մեր անվտանգութեան անբաժանելի մէկ մասը կը համարենք, եւ չենք ընդունիր, որ որեւէ երկիր միջամուխ ըլլայ անոր ներքին հարցերուն, կամ զայն օգտագործէ որպէս կեդրոն կամ տարանցիկ ճամբայ՝ վտանգի ենթարկելով Սէուտական Արաբիոյ եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»,- ըսած է Սալման, առանց ուղղակիօրէն մատնանշելու Իրանը:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիան շարք մը արաբական երկիրներ ընդգրկող դաշնութիւն մը կը գլխաւորէ, որուն նպատակն է վերահաստատել Եմէնի նախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուր Հատիի կառավարութեան իշխանութիւնը, որ Իրանի դաշնակից «Հուսի»ներու ճնշմամբ մօտ երկու տարի առաջ աքսորավայր տեղափոխուած էր:
Յիշենք նաեւ, որ Սէուտական Արաբիան կը մեղադրէ Իրանը արաբական շարք մը երկիրներու մէջ իր իշխանութիւնը սփռելու մտադրուածութեան մէջ, ինչպիսիք են Սուրիան եւ Եմէնը, սակայն Թեհրան կը հերքէ այդ փաստը:
Սէուտական Արաբիոյ գահակալի խօսքով, իր երկիրը մտադիր է համագործակցիլ միջազգային ուժերու հետ՝ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: