image

Սալէհի որդին կը մերժէ ցաւակցութիւններ ընդունիլ ու վրիժառութեան կոչ կ'ընէ

Սալէհի որդին կը մերժէ ցաւակցութիւններ ընդունիլ ու վրիժառութեան կոչ կ'ընէ

Եէմէնի սպաննուած նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի որդին՝ Սալահ կոչ ուղղած է երկրի բոլոր քաղաքացիներուն եւ իր հօր համակիրներուն դուրս գալ՝ Հուսիներէն վրէժ լուծելու, եւ վերջիններուս տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններն ազատագրելու, կը գրէ սէուտական «Ալ Ուաթան» թերթը:

Աղբիւրը նշած է, որ Սալահ ֆէյսպուքեան իր էջին շարք մը գրառումներով վրիժառութեան կոչ ուղղած է բոլոր եէմէնցիներուն:

Սալահ նշած է, թէ իր հայրը դաւաճանութեան զոհ դարձաւ, միաժամանակ շեշտելով, որ ընտանիքի անդամները ցաւակցութիւններ պիտի չընդունին, մինչեւ դաւադրութեան կազմակերպիչներէն վրէժ չլուծեն: