Եէմէնի սպաննուած նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի որդին՝ Սալահ կոչ ուղղած է երկրի բոլոր քաղաքացիներուն եւ իր հօր համակիրներուն դուրս գալ՝ Հուսիներէն վրէժ լուծելու, եւ վերջիններուս տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններն ազատագրելու, կը գրէ սէուտական «Ալ Ուաթան» թերթը:
Աղբիւրը նշած է, որ Սալահ ֆէյսպուքեան իր էջին շարք մը գրառումներով վրիժառութեան կոչ ուղղած է բոլոր եէմէնցիներուն:
Սալահ նշած է, թէ իր հայրը դաւաճանութեան զոհ դարձաւ, միաժամանակ շեշտելով, որ ընտանիքի անդամները ցաւակցութիւններ պիտի չընդունին, մինչեւ դաւադրութեան կազմակերպիչներէն վրէժ չլուծեն: