Թուրքիոյ ընդդիմադիր HDP կուսակցութեան առաջնորդ Սալահէլտին Տէմիրթաշ երկրի խորհրդարանին մէջ ելոյթ մը ունենալով «կրակ բացած» է իշխանութիւններուն դէմ: Տէմիրթաշ ըսած է, որ AKP-ի ղեկավարութեան համար իր կուսակցութիւնը դարձած է սպառնալիք, որովհետեւ արգելք կը դառնայ կառավարութեան ծրագիրներուն իրականացման դէմ: Անոր կարծիքով Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութեան համար կայ գործելու մէկ ձեւ, որն է քմահաճ կարգադրութիւնները պարտադրանքը ընդունել տալու կամ ցեղասպանութիւն գործելու եղանակը: Տէմիրթաշ մեծ հարցականներ կատարած է Թուրքիոյ ամբողջ պատմութեան վերաբերեալ, նշելով, որ 1071 թուականին երբ Ալփասլան Մանազկերտ մտաւ, հոն թուրքեր չէին ապրիր այլ կային հայեր եւ քիւրտեր: Քիւրտ ընդդիմադիր ղեկավարը իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց CHP ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քէմալ Քըլըճտարողլուին վերատեսութեան ենթարկել իր կեցուածքները: