image

Սալահէլտին Տէմիրթաշ Հարցականի Տակ Կ'առնէ Թուրքիոյ Ամբողջ Պատմութիւնը

Սալահէլտին Տէմիրթաշ Հարցականի Տակ Կ'առնէ  Թուրքիոյ Ամբողջ Պատմութիւնը

Թուրքիոյ ընդդիմադիր HDP կուսակցութեան   առաջնորդ Սալահէլտին Տէմիրթաշ       երկրի խորհրդարանին   մէջ ելոյթ մը ունենալով «կրակ  բացած» է իշխանութիւններուն  դէմ: Տէմիրթաշ  ըսած է, որ    AKP-ի ղեկավարութեան  համար իր կուսակցութիւնը    դարձած է սպառնալիք, որովհետեւ արգելք  կը դառնայ    կառավարութեան ծրագիրներուն իրականացման դէմ:  Անոր կարծիքով  Թուրքիոյ  այսօրուան ղեկավարութեան համար    կայ գործելու մէկ ձեւ, որն է քմահաճ կարգադրութիւնները  պարտադրանքը ընդունել տալու  կամ  ցեղասպանութիւն գործելու եղանակը:  Տէմիրթաշ  մեծ հարցականներ կատարած է Թուրքիոյ    ամբողջ  պատմութեան    վերաբերեալ,  նշելով, որ  1071  թուականին երբ Ալփասլան   Մանազկերտ մտաւ, հոն   թուրքեր չէին ապրիր  այլ  կային հայեր եւ քիւրտեր: Քիւրտ ընդդիմադիր ղեկավարը իր խօսքի աւարտին   կոչ ուղղեց     CHP ընդդիմադիր կուսակցութեան  ղեկավար  Քէմալ Քըլըճտարողլուին  վերատեսութեան ենթարկել իր կեցուածքները: