image

Սահմանին ունինք վիրաւոր. Վիճակը ծանր է

Սահմանին ունինք վիրաւոր. Վիճակը ծանր է

4 Մայիսին՝ ժամը 16:05-ի սահմանին, ՊԲ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն, հրազէնային վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Ագանիկ Գառնիկի Զորոգլեանը:

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Վիրաւորում ստացած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց, անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: