Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբաններէն Նարեկ Վրդ. Լուիզեան համացանցի ճամբով տեսանիւթ մը տեղադրած է, ուր հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ երկար տարիներ ծառայութիւն նատուցած, Յիսուսեան հայրերու անդամ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի վաստակը։
Նարեկ վարդապետ, որ ներկայիս կը ծառայէ Քեսապի մէջ, կոչ ուղղած է Հայր Սահակի բոլոր աշակերտներիւն, որպէսզի մասնակցին անխոնջ եւ նուիրեալ վարդապետի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի միջոցառումներուն։
Ըստ Նարեկ վարդապետին, Հայր Սահակ հայ մատենագրութեան հանդէպ իր ունեցած սէրէն անդին, նոյնպէս նուիրեալ միաբան մըն էր, որ սիրուած էր իր ժողովուրդին կողմէ։
Նարեկ վարդապետ մասնաւորապէս ըսած է . «Ան աղքատներու հայրն էր. Սահակ վարդապետը անմահ է եւ յաւերժ է իր նուիրումով եւ ծառայութեամբ»։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Քէշիշեան վարդապետ մեծ ճիգեր գործադրած է եւ ֆրանսերէնի թարգմանած է Գր. Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ն ու կրօնական արժէք ներկայացնող շարք մը գործեր։
Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ կրօնական-ազգային գործունէութիւն ծաւալած (ան երկար տարիներ ծառայած է Սէն Կրէկուար վարժարանին մէջ, որպէս ուսուցիչ եւ ապա տնօրէն) Սահակ Վարդապետը նաեւ քաջ յայտնի անուն էր Հայաստանի ակադեմական շրջանակներուն մօտ։
Բի՜ւր յարգանք նուիրեալ վարդապետի յիշատակին։
