Ինչպէս կը սպասուէր`Սաատ Հարիրի որդեգրեց Զօր. Միշէլ Աունի նախագահական թեկնածուութիւնը: Լիբանանի նախկին վարչապետը եւ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավարը «Պէյթ ալ ուասաթ»ի իր նստավայրին մէջ իր կուսակիցներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով ըսաւ, թէ ինք համոզուած կ'երթայ այս քայլին յայտնելով նաեւ, որ «տեղի ունեցածը քաղաքական խոշոր համաձայնութիւններու արդիւնք է, որ բաւական վտանգաւոր է»: Նախկին վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ ինք այս քայլով պատրաստ է փորձաքարի զարնել իր քաղաքական անունը, վարկն ու ժողովրդականութիւնը յանուն Լիբանանի ապահովութեան եւ անվտանգութեան: Սաատ Հարիրի աւարտին յայտնեց, որ իր համար առաջնայինը Լիբանանի անվտանգութիւնն է, ու ինք պատրաստ է մեծ զոհողութիւններ ընել Lիբանանի սիրոյն: Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի կողմէ որոշուած նախագահի ընտրութեան յաջորդ եւ 47-րդ նիստը պիտի կայացուի յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին Պէյրութի «Ալ Նըժմէ» հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանին մէջ: