image

Ռուստամ Բադասեանը նշանակուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար

Ռուստամ Բադասեանը նշանակուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Ռուստամ Բադասեանը արդարադատութեան նախարար նշանակելու մասին, կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

 

Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի, Ռուստամ Բադասեանին նշանակել արդարադատութեան նախարար»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:

 

Բադասեանը մինչեւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար նշանակուիլը կը զբաղեցնէր ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախագահի տեղակալի պաշտօնը: 

 

Ռուստամ Բադասեանը ծնած է 27 Յունուար 1991-ին, Երեւանի մէջ: 2011 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալասարանի Իրաւագիտութեան բաժինը պաքալաւրի աստիճանով:

 

2013 թուականին աւարտած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գիտակրթական միջազգային կեդրոնի Իրաւագիտութեան բաժինը՝ մագիստրոսի աստիճանով:

 

2015 թուականին աւարտած է ՀՀ Փաստաբանական դպրոցը եւ ստացած է փաստաբանական գործունէութեան արտօնագիր: