image

Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Չէ Փոխած Հայաստան Այցելելու Իր Ծրագիրը

Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Չէ Փոխած Հայաստան Այցելելու Իր Ծրագիրը

Ռուսիոյ վարչապետ  Տմիթրի Մետվետեւ  7-8 ապրիլին Հայաստան այցելելու ծրագրէն չէ հրաժարած, ուր ան պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին, որու օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Եւրասիական տնտեսական համարկման խորացման առնչուող առաջնային հարցեր:

Մետվետեւի այցելութեան կապակցութեամբ նաեւ նախատեսուած է Հայաստանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններ վարել եւ քննարկել երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Նախատեսուած է նաեւ միջկառավարական եւ միջգերատեսչական փաստաթուղթերու ստորագրութիւն: