Ռուսիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ռուսիա անգամ մը եւս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն զինադադրին կառչած մնալու կոչ կ'ուղղէ, զուգահեռաբար շարունակելով առաջանալ հարցի քաղաքական լուծման ճանապարհով: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ երկուշաբթի օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իրեն համազօր Շուէտիոյ Տէտիէհ Պուրկհալթրի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին երկու նախարարներու միջեւ քննարկուող ամենակարեւոր հարցերէն մէկը եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը: Հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին Լաւրով յայտարարած է. «Մենք կոչ կ'ընենք բոլոր կողմերուն ենթարկուիլ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ ընդհարումներու դադարեցման վերաբերեալ եւ կանխելու այդ համաձայնագրի որեւէ խախտում», աւելցնելով, որ Ռուսիան շահագրգռուած է դրական քայլեր արձանագրելու քաղաքական գետնի վրայ՝ այս շատ բարդ հակամարտութեան մէջ կարգաւորման համաձայնութեան հասնելու նպատակով: