image

Ռուսաստան Սուրիոյ հարցով «Սպիտակ գիրք» բաժնած է ՄԱԿ-ին

Ռուսաստան Սուրիոյ հարցով «Սպիտակ գիրք» բաժնած է ՄԱԿ-ին

«Իզվիսթիա» թերթը անդրադարձած է «Սպիտակ գիրք»ին, որ Ռուսաստան բաժնած էր ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն նշելով, որ գիրքը պարունակած է այն յանցագործութիւնները, որոնք Սուրիոյ տարածքին կատարուած են ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշնութեան եւ Սուրիոյ «չափաւոր»  համարուած  ընդդիմութեան կողմէ: 

Թերթը յօդուածին մէջ կը նշէ, որ 28 հոկտեմբերին Ռուսիոյ բաժնած «Սպիտակ գիրք»ը փաստաթուղթ մըն է, ուր Սուրիոյ մէջ կատարուած յանցարագրուածութիւններէն բացի, նկարագրուած է բոլոր այն յաջողութիւնները, որոնք արձանագրած էր  Ռուսաստանի օդուժը Սուրիոյ տարածքին:

Աղբիւրին  համաձայն, «Սպիտակ գիրք»ի պատրաստութեան  մասնակցած են Ռուսաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախարարութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի մասնագէտները, որոնք մանրամասնօրէն նշած են բոլոր այն մարդկային օժանդակութիւնները, որոնք առաքուած էին Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն, յատկապէս Հալէպին: Գիրքին մէջ նաեւ նշուած են բոլոր այն տարածքները, որոնք ազատագրուած էին, ինչպէս նաեւ սպաննուած զինեալներու քանակը եւ իրենց  բնօրրան վերադարձող փախստականներու թիւը:Նշենք, որ «Սպիտակ գիրք»ը թարգմանուած է անգլերէն լեզուի եւ պիտի օգտագործուի ՄԱԿ-ի   Սուրիոյ   հարցերուն  համար  ստեղծուած յատուկ  մարմնին կողմէ, իր յետագայ աշխատանքներու իրականացման ընթացքին: