image

Ռուսական օգնութիւններու նոր խմբաքանակը Սուրիա կը հասնի

Ռուսական օգնութիւններու նոր խմբաքանակը Սուրիա կը հասնի

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ իրեն ենթակայ Սուրիական հաշտեցման կեդրոնը 2.1 թոն մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկած է Սուրիոյ Տարաա նահանգ:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, նախարարութիւնը երէկ, կիրակի օր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, ուր ըսուած է. «նախորդ 24 ժամերու ընթացքին Ռուսական հաշտեցման կեդրոնը մարդասիրական օգնութիւններու կարաւան մը ուղարկեց Տարաա նահանգ, ուր բնակիչները 2.1 թոն սննդամթերք ստացան»:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ռուս ռազմական բժիշկները անցնող 24 ժամուան ընթացքին 139 անձի բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են, յիշեցնելով, որ բժշկական օգնութիւն ստացած անձերու ընդհանուր թիւը մինչեւ օրս կազմած է 69,810: