Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միակ ելքը Սուրիական կառավարութեան աջակցիլն է: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:
Իրանի նախագահական պալատի տեղեկատուութեան աշխատակազմի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռուհանի Թեհրաի մէջ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարծ է, որ «Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման միակ միջոցը Դամասկոսի կեդրոնական կառավարութեան աջակցիլն է»: